2008-11-17 12:26:43

Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Կարտինալ Սանտրին կը գլխաւորէ խաղաղութեան քաղաքակրթութիւնը` կրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ նիւթով՝ Կիպրոսի հանդիպումը


Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը կարտինալ Սանտրի Կիպրոսի մէջ բացումը կատարեց խաղաղութեան քաղաքակրթութիւնը` կրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ նիւթով հանդիպումը, որ կը կազմակերպէ Sant’Egidio կոչուած եկեղեցական հասարակութիւնը եւ Կիպրոսի եկեղեցին։ Կիպրոսը Եւրոպայի միակ երկիրն է որ տակաւին պատով մը բաժնուած է յոյներու ու թուրքերու միջեւ, յետ թուրքերու յարձակումին 1974-ին ու թուրք եւ կիպրական հանրապետութեան հռչակումին, որ սակայն ճանչցուած չէ միջազգային հասարակութենէն։

Կարտինալ Սանտրի, իր առաջին զրոյցին մէջ գնահատական խօսք մը ուղղեց Sant’Egidio-ի եկեղեցական հասարակութեան որ ամէն ջանք կը թափէ կապեր հաստատելու կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ վերակերտելու միութիւնը մարդկային ընտանիքին։ Կրօնները, ըսաւ կարտինալ Սանտրին, կենսական ու արտակարգ ոյժ են մարդկութեան համար։ Կարտինալը նաեւ ըսաւ. մասնաւորապէս կ`աղօթեմ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար եւ մասնաւորապէս Իրաքի քրիստոնեաներու համար։ Առաջին անգամուան համար, կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու սրբազան արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Կիպրոսի յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսապետ Crisostomosը



Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի նամակը Waldsassen աբբայարանի յոբելեանին առիթով։

Յառաջիկայ նոյեմբեր 23ին կ`եզրափակուին Waldsassen աբբայարանի յոբելենական տարին, այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը նամակ մը յղած է կարտինալ Franc Rodé-ին խնդրելով իրմէ որ գլխաւորէ վերոյիշեալ աբբայարանի եզրափակիչ արարողութիւնները։ Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը բացայայտէ կրօնաւորական կեանքի ժողովի կառավարիչ կարտինալ Franc Rodé-ի թէ զինք նշանակեց որպէս պաշտպանը կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն։ Նամակին մէջ սրբազան Հայրը նաեւ իր սէրն ու համակրանքը կ`արտայայտէ բիլոր այն նուիրեալներուն ու հաւատացեալներուն որոնք պիտի մասնակցին արարողութիւններուն, թէեւ մենք հեռու ենք մէկը միւսէն, սակայն սրտով ու հոգւով ներկայ ենք։

Waldsassen աբբայարանը կը գտնուի Պայրութի արեւելքը, ոչ հեռու Պավարիոյ ու Չեխ հանրապետութեան սահմանէն։ Աբբայարանը հիմնուած է 12-րդ դարուն։ Անիկա` նշանաւոր է իր մատենադարանով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.